2011-04-02 11:04:07

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութեան Դէմ Օրէնքի Քննարկում` Ծերակոյտի 4 Մայիսի Նիստին



4 մայիսին Ֆրանսայի Ծերակոյտը իր ընդհանուր նիստի օրակարգին վրայ քննարկման կէտ ներառեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ օրինագիծը, որ 2006-էն ի վեր սառած կը մնայ Ծերակոյտին մէջ:
12 հոկտեմբեր 2006-ին Ֆրանսայի Խորհրդարանը իբրեւ օրէնք-որոշում քուէարկած է այս հարցը եւ բնականաբար ըստ կանոնի զայն ուղարկած` Ծերակոյտ, որ իր կարգին պէտք է ընդունի, որմէ ետք միայն օրինագիծը կը վաւերացուի եւ կը ստանայ օրէնքի ուժ:
Բողոքի բազմաթիւ ցոյցերով Ֆրանսայի հայութիւնը Ծերակոյտէն պահանջած է քննարկման օրակարգի վրայ բերել այս հարցը եւ վերջ տալ ձգձգումին:
Վերջին ցոյցը` 12 մարտին, եղաւ արդիւնաւէտ(որու մենք ալ անդրադարձանք):
Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Մարթին Օպրի` անսալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խիստ պահանջին, գրաւոր խոստում տուաւ հարցը առաջին իսկ առիթին ներառել օրակարգի վրայ: Ընկերվարական կուսակցութիւնը պաշտօնական դիմումով պահանջեց Ծերակոյտի նախագահէն` օրակարգի վրայ ներառել այս կէտը: Որոշուեցաւ 4 մայիսի ընդհանուր նիստին քննարկել այս օրակարգը:
Ընկերվարական կուսակցութեան մօտ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ֆրանսայի ղեկավարութեան յամառ ու հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ միայն կարելի դարձաւ նման յուժ կարեւոր քաղաքական ձեռքբերում: Ըստ ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանի, «ներկայ դրութեամբ թեր քուէարկութեան մը հաւանականութիւնը մեծ չէ, պարզապէս որովհետեւ Ծերակոյտի մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ազգային ժողովի եւ իշխանութեան պարագաները աջակողմեան համախմբումին կը պատկանին, այսուհանդերձ քաղաքականութեան մէջ քարացած երեւոյթներ չկան անպայման ու մետասաներորդ պահուն նոր գործօններ կրնան շրջել որեւէ կացութիւն»:
Ինչ կը վերաբերի իրերու զարգացման հոլովոյթին, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան կ՛ըսէ, թէ նախագահական ընտրութեան կայ ուղիղ մէկ տարի եւ այս հանգամանքը իշխող մեծամասնութեան թէ ընդդիմադիր ճակատին համար հաւասարապէս նկատառելի տուեալ է ու անտեսելի չէ երբեք:Հետեւաբար պահն է, որ իւրաքանչիւր կողմ վերցնէ իր պատասխանատուութիւնը:
Նշենք, որ Ֆրանսա միակ երկիրն է, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը օրէնքով հաստատուած է եւ հետեւաբար ունի օրէնքի ուժ: Այս կէտը կարեւոր օղակ է ժխտողականութեան դէմ օրէնքի ընդունման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.